«Կը Կանգնինք Բոլոր Հայերու Կողքին` Յիշատակելով Մեծ Եղեռնի Մութ Էջերը» Կ՛ըսէ Օպամա
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա հրապարակեց Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին
վերաբերեալ իր ուղերձը, որ էականօրէն չէր տարբերեր նախորդ տարուան ուղերձէն, ուր «ցեղասպանութիւն»
եզրին փոխարէն ան օգտագործած էր «Մեծ եղեռն» արտայայտութիւնը: «Հանդիսաւոր կերպով
այսօր կը յիշենք 98 տարի առաջ տեղի ունեցած պատմական իրադարձութիւնները, որոնց հետեւանքները
դարձան 20-րդ դարու ամէնէն սարսափելի վայրագութիւնները: 1.5 միլիոն հայեր կոտորուած կամ
մահուան երթի տարուած են Օսմանեան կայսրութեան գոյութեան վերջին օրերուն: Այս կարեւոր
օրը մենք կը կանգնինք բոլոր հայերուն կողքին` յիշատակելով Մեծ եղեռնի մութ էջերը եւ նպաստելով
հայ ժողովուրդի առաւել պայծառ ապագայի կերտման», ըսած է Օպամա` աւելցնելով, որ «մեր պարտքն
է յարգել զոհերու յիշատակը եւ թոյլ չտալ պատմութեան այդ մութ էջերու կրկնութիւնը»: Ամերիկայի
Հայ դատի յանձնախումբը այս առնչութեամբ հրապարակած է ուղերձ մը, որուն մէջ կը նշուի,
որ հակառակ նախագահ Օպամայի` ճշմարտութեան պատշաճ կերպով չանդրադառնալուն, իրենք պիտի
շարունակեն իրենց պայքարը յանուն արդարութեան, ցեղասպանութեան ճշմարտացի ճանաչման: Թուրքիոյ
արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ափսոսանք կը
յայտնէ եւ կը նշէ, որ «Օպամայի յայտարարութիւնը կը հանդիսանայ հայկական կողմի տեսակէտը
հարցի մը շուրջ, որ ցաւոտ է ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Թուրքիոյ համար»: Նաեւ կը
նշուի, որ Ուաշինկթընի կողմէ այդպիսի յայտարարութիւնները կը խոչընդոտեն 1915-ի դէպքերուն
պարզաբանութեան հարցը: